ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Արմթէք 2012» համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 14-15 Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու Սիլիքըն հովիտի Սթենֆըրտի համալսարանին մէջ: 4 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան:
Ասիկա «Արմթէք»ի 5րդ համաժողովն է: Տեղը, ըստ Տ. Դաւթեանի, պատահականութեամբ չէ ընտրուած, այլ դիտմամբ, որովհետեւ Սիլիքըն հովիտը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու իմաստով աշխարհի մեծագոյն կեդրոնն է։ Այսպիսով հայաստանեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառը օտարներուն ծանօթացնելու առիթ կը ստեղծուի։ Սթենֆըրտ համալսարանը կը նկատուի Սիլիքըն հովիտի «սիրտը», ուր ժողով կայացնելը, ըստ, «Ձեռնարկութիւնների ինկուպատոր հիմնադրամ»ի տնօրէն Բագրատ Ենգիբարեանի, ինքնին պատուաբեր է:
Համաժողովը կը կազմակերպուի պետական եւ սեփական հատուածներու գործակցութեամբ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպչական աշխատանքները պիտի տանի «Վիասֆեր» ընկերութեան նախագահ Թոնի Մորոյեանը: Կազմակերպչական աշխատանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ «Ձեռնարկութիւնների ինկուպատոր հիմնադրամ»ը եւ «Սինոփսիս-Արմէնիա» ընկերութիւնը: Պետութեան նիւթական մասնակցութիւնը, ըստ Տ. Դաւթեանի, մօտ 10-15 տոկոս է:
Համաժողովը պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հովանաւորութիւնը։