
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահի նախկին թեկնածու, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վիտալի Բալասանեան քաղաքացիական նոր շարժում կը ստեղծէ։ Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է ի՛նք՝ Վիտալի Բալասանեան:
Ան տեղեկացուց, որ արդէն աւարտած են քաղաքացիական շարժում ստեղծելու նպատակով ծաւալած քննարկումները, համապատասխան քայլեր առնուած են, հանդիպումներ կայացած են եւ մէկ շաբաթէն հանդէս պիտի գան համապատասխան յայտարարութեամբ:
Վիտալի Բալասանեանի համաձայն, քաղաքացիական շարժումի դռները բաց են բոլորին դիմաց՝ անկախ անոնց կուսակցական պատկանելիութենէն, գաղափարներէն։ Ան հաստատած է, որ բոլորը կրնան անդամագրուիլ:
Չուզելով մանրամասնութիւններու մէջ մտնել՝ Վիտալի Բալասանեան նշած է, որ քաղաքացիական շարժումը պիտի հիմնուի ազգային արժէքներու վրայ, նպաստէ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի առողջացման, ազատ կամքի արտայայտման, պետական իշխանութեան ձեւաւորման եւ վերջինիս վերահսկման գործընթացին մէջ հասարակութեան աշխոյժ ներգրաւման պայմաններու ստեղծման, ընկերային արդարութեան հաստատման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այլն:
Պատգամաւորին համաձայն, նախեւառաջ իրենք պիտի փորձեն համախմբել գաղափարակիցները, ապա առաջադրուած նպատակներուն հասնելու համար համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկեն: Ան նշած է, որ քաղաքացիական շարժումը իր գործունէութեան ընթացքին պիտի օգտագործէ նաեւ Ազգային ժողովի ամպիոնը, պիտի ստիպէ իշխանութիւնները՝ համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու, իսկ եթէ չձեռնարկեն, պիտի դիմէ քաղաքական ուղիներու։