
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկացի քոնկրեսական Աննա Էշու Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ Ռամիլ Սաֆարովը Պաքուին յանձնելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ Սաֆարովի ազատ արձակման որոշումին նկատմամբ:
Իր յայտարարութեան մէջ ան յիշեցուցած է 2004ին տեղի ունեցած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին դաժան սպանութեան մանրամասնութիւնները՝ ՆԱԹՕի մէկ դասընթացքի օրերուն, որու հեւանքով Սաֆարով հունգարական ատեանի մը կողմէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր:
«Սաֆարովի ազատ արձակումը վտանգաւոր կերպով կը նսեմացնէ տարածաշրջանին մէջ իրաւունքի եւ խաղաղութեան գերակայութիւնը: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ փոխէ Սաֆարովին ներման արժանացնելու իր որոշումը», յայտարարած է Էշու:
Նախապէս, Ներկայացուցիչներու տան անդամներէն Էտըմ Շիֆ այս մասին ըսած էր. «Հունգարիա, ուր Սաֆարովը դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան, եւ Ատրպէյճան, պարտաւոր են միջազգային հանրութեան բացատրութիւն տալ արդարադատութեան նկատմամբ այս սարսափելի ոտնձգութեան համար: Այս մէկը անընդունելի լուծում է խոստովանուած ոճրագործութեան մը համար»:
Այլ դեմոկրատ քոնկրեսական մը՝ Հաուըրտ Պըրմըն, ըսած է. «Սաֆարովի արտայանձնումը՝ Հունգարիայէն Ատրպէյճան, կոպիտ եւ ճակատագրական սխալ մըն է» եւ աւելցուցած է, թէ Հունգարիոյ կառավարութիւնը պարտական է Մարգարեանի ընտանիքին, հայ ազգին, ՆԱԹՕի իր բոլոր գործընկերներուն եւ այդ բոլորէն պէտք է ներում հայցէ: «Սաֆարովը ազատ արձակելու Պաքուի որոշումը լուրջ հարուած կը հասցնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն գոյացնելու ջանքերուն», նշուած է Պըրմընի յայտարարութեան մէջ:
Ներկայացուցիչներու տան այլ անդամ մը՝ Պրետ Շըրմըն իր յայտարարութեան մէջ նշած է. «Խորապէս ցնցուած եմ Հունգարիոյ իշխանութիւններու որոշումէն՝ ազատ արձակել 2004ին Պուտափեշթի մէջ հայ սպան սառնասրտօրէն սպաննած ատրպէյճանի զինուորականին: Կոչ կ՛ընեմ Ատրպէյճանի կառավարութեան, որ այս անձը կանգնեցէ արդարադատութեան առջեւ: Պաքուի գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ ան կոպիտ կերպով կ՛անտեսէ իր դրացիին հանդէպ սպառնալիքներէ զերծ մնալու կոչերը», նշած է ան:
Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահին քայլը որակած է «ճչացող անարդարութիւն»: «Նման քայլեր միայն կը խորացնեն ատրպէյճանի ժողովուրդի ցանկութիւնը՝ բռնութիւն գործելու իրենց դրացիին՝ Հայաստանի հանդէպ: Ամերիկայի կառավարութիւնը կը կանգնի Հայաստանի կառավարութեան կողքին՝ Ատրպէյճանի այս քայլերը դատապարտելու գծով», աւելցնելով, որ Պաքու պէտք է Սաֆարովին կանգնեցնէ արդարադատութեան առջեւ: