ՊԸՐՊեՆՔ.- Կիրակի, Օգոստոս 26ի երեկոյեան պաշտօնական բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Պըրպենքի մէջ նոր հաստատուած «Ապագայ» հայ արուեստի դպրոցին, ուր մեր մատաղ սերունդին պիտի ուսուցանեն հայկական պարեր, երգեցողութիւն, արուեստ, թատրոն, երաժշտութիւն եւ լեզու:
Բացման արարողութեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայացուց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, որ սրբազան հօր օրհնութիւններն ու սիրալիր ողջոյնները փոխանցեց դպրոցի պատասխանատուներուն, աշակերտներուն, ծնողներուն եւ հանդիսականներուն՝ յայտնելով, որ Մայր տաճարն ու առաջնորդարանը նեցուկ պիտի կանգնին այս դպրոցի առաքելութեան: