
Ոչ եւս է Արժանթինահայ բազմավաստակ գրագէտ ու կրթական երբեմնի մշակ Պետրոս Հաճեան։
Պուէնոս Այրեսի մէջ ան իր հոգին աւանդած է սիրտի գործողութեան մը ընթացքին։
Պետրոս Հաճեան ծնած է Ճարապլոս )Սուրիա) 1933ին։ 1954ին ան նուիրուած է ուսուցչութեան եւ հայերէն ու հայ գրականութիւն դասաւանդած է Տէր Զօրի եւ Հալէպի վարժարաններու մէջ։ 1967-1970 տարիներուն, տնօրէնը եղած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին։ 1970էն ի վեր հաստատուած է Պուէնոս Այրես եւ վարած տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնը։
Ուսուցչական իր ասպարէզին առընթեր, Պետրոս Հաճեան ունեցած է հանրային-հրապարակագրական գործունէութիւն։ Եղած է փոխխմբագիր Հալէպի «Արեւելք» պաշտօնաթերթին, այնուհետեւ խմբագիր՝ Պուէնոս Այրեսի «Արմէնիա» օրաթերթին )1971-1986)։ Հեղինակած է «Հայ մտքի մշակներ» հայերէն-սպաներէն երկհատորեայ աշխատութիւնը, քերականութեան եւ լեզուի դասագիրքերու շարքեր, ընդամէնը եօթը հատոր, «Հրամմեցէք Պարոններ» պատմուածքներու հատորը եւ «Մեծ Եղեռնի մեծ նահատակներ» հայերէն-սպաներէն հատորը, «Կարկեմիշ» եւ «Ուղեւորութիւն դէպի Կարկեմիշ» ինքնակենսագրական վէպերը, «Հարիւր տարի-հարիւր պատմութիւն» գիրքը, եւ իր վերջին գիրքը, որուն մէջ ան կը պատմէր Հարաւային Ամերիկայի կեանքը։