
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Արմէնիա».- ՀՅԴ «Արմէնիա» Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՄԸՄի երիտասարդներու կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ի երեկոյեան բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրեսի Արժանթինի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:
Երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ համախմբուած ցուցարարները արդարութիւն պահանջեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն՝ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ատրպէյճանցի ոճռագործ Ռամիլ Սաֆարովի ներում շնորհելու իր որոշման վերանայումը եւ դատապարտումը ցմահ բանտարկութեան: