
Նախկին իրանահայ, «քուլթուրիսթ» Փաթրիք Պապումեան 2011ին Գերմանիոյ «ամէնէն ուժեղ» մարդը հռչակուեցաւ։ Փաթրիք Պապումեան ծնած է Իրան, հայ ընտանիքէ ներս։ Ան եօթը տարեկանին մօր եւ մեծ մօր հետ միասին փոխադրուած է Գերմանիա, ուր 15 տարեկանէն սկսած է «քուլթուրիզմ»ով զբաղելու եւ միշտ փափաքած է համաշխարհային ճանաչման հասնիլ։
Ան անցեալ տարի գերաններու բարձրացումով ծանրաբարձութեան մրցանիշ հաստատած է Գերմանիոյ մէջ, արժանանալով «ամենաուժեղ մարդ» կոչման։ Պապումեան աշխարհի մրցանշակիրն է այս ասպարէզէն ներս )165 քկ.) եւ կը նախատեսէ յաղթանակ տանիլ նաեւ «Աշխարհի ամէնէն ուժեղ մարդ» մրցումին մէջ։ Ան նաեւ 140 քկ. դասաւորման մէջ «քուլթուրիզմ»ի 2012ի Եւրոպայի ախոյեան է։
33ամեայ Պապումեան արդէն ինը ամիսէ ի վեր բուսակեր է եւ կը պնդէ, որ մինչ այդ երբեք այդքան լաւ չէր բարձրացուցած ծանրութիւնները։
«Ես միշտ այն կարծիքն ունեցած եմ որ հայեր առանձնապէս պինդ մարդիկ են, իսկ ծանրաբարձութեան, «քուլթուրիզմ»ի կամ բազկամարտի պէս պահանջկոտ մարզաձեւերու մէջ յաջողելու համար հարկաւոր է նաեւ մեծ ու խիզախ սիրտ ունենալ», կ՛ըսէ Փաթրիք Պապումեան։