Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը դարձաւ 72 տարեկան: «Մեր սիրելի ընթերցողներուն կ՛աւետենք որ իրենց սիրելի «Մարմարա» օրաթերթը այսօր տարի մը եւս կը թողու իր ետին ու կը դառնայ 72 տարեկան։ Իր ետին կը թողու տարի մը եւս, որուն օրացոյցին էջերուն վրայ ամէն օր քանդակուեցան ուրախ եւ տխուր լուրեր, ուրախ եւ տխուր ապրումներ։ «Մարմարա» տարի մը եւս օրացոյցին իւրաքանչիւր օրը բաժնեց իր սիրելի ընթերցողներուն հետ եւ շարունակեց ապրեցնել այն տոհմիկ միասնութիւնը, որ այնքան արժէքաւոր էր թէ՛ իրեն, թէ՛ իր ընթերցողներուն համար», կը գրէ «Մարմարա» այս առիթով իր ընթերցողներուն ուղուած յօդուածին մէջ, աւելցնելով. «Ճիշդ է որ մեր խանդավառութիւնը խմորուած է որոշ մտահոգութիւններով։ Գաղտնիք չէ որ որպէս թերթի հրատարակիչ՝ անցուցինք դժ-ուարին տարի մը եւ դիւրին է ենթադրել որ գալիք տարին պիտի ըլլայ ա՛լ աւելի դժուար տարի։ Աւա՜ղ, դժուարացաւ, շատ դժուարացաւ հայօրէն ապրիլն ու խօսիլ-գրելը։ Օտարածին հովեր ամէն օր քիչ մը աւելի ուժգին կը ծեծեն մեր տանիքները։ Մեր ժողովուրդին զաւակները ամէն օր առաւել եւս կը հեռանան այն աւանդութիւններէն ու ապրելակերպերէն, որոնց պահպանութեան համար իրենց պապերը իրենց կեանքը զոհած էին։ Մեր նորահաս սերունդները կ՛իյնան զանոնք դէպի անհարազատ հորիզոններ տանող առաջնորդներու ձեռքին մէջ։ Մեր եկեղեցիին զանգակները ամէն իրիկուն քիչ մը աւելի տխուր կը ղօղանջեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը կանչեն իրիկնային աղօթքի մը եւ զանոնք պատրաստեն ողջունելու այն նոր առաւօտը, որ պիտի ապրուի հայօրէն։ Եւ մեր դպրոցներուն մէջ մեր սիրասուն ու անմեղ մանուկները ամէն տարի քիչ մը աւելի դժուարաւ կը հնչեն մեր Այբուբենին Այբերն ու Բեները։ Այո՛, մեր խանդավառութիւնը խմորուած է մտահոգութիւններով։ Բայց մեր խանդավառութեան մէջ է նաեւ բոլոր այս ժխտականութիւններուն դիմադրելու ուժին թթխմորը, մեր խանդավառութեան մէջ է գոյատեւելու այն զարմանահրաշ կամքը, որ մեր երակներուն մէջ շրջող արեան իւրաքանչիւր կաթիլին հետ նոյնացած է…»:
«Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ «Մարմարա»ի 72րդ տարեդարձը: