«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ասպարէզ»ի բարեկամներու տարբեր շրջաններու համայնքներու տեղական միութիւններուն ու հայ կեդրոններուն հետ մեր ձեռնարկներու շարքի առաջինին յաջողութիւնը կարծէք արդէն երաշխաւորուած է:

Արդարեւ, յաջորդ Կիրակի, 9 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5ին, Հանթինկթըն Պիչի պատմական հանդիսասրահին մէջ տեղի ունենալիք Համազգայինի «Անի» պարախումբի ելոյթի տոմսերը արագօրէն կը սպառին: Ձեռնարկի կազմակերպական աշխատանքները իրենց աւարտին հասած են եւ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքը խանդավառութեամբ կը սպասէ այդ օրուան:
Նաեւ ուրախ ենք յայտնելու, որ այս ձեռնարկը գնահատելով, ինչպէս եւ գնահատելով «Ասպարէզ»ի ճիգը՝ Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքին մէջ առաւել տարածում գտնելու ուղղութեամբ, շրջանիս մէջ իր բարերարութիւններով յայտնի, դասախօս ու հեղինակ դոկտ. Յարութ Պարսամեան ստանձնած է միջոցառման գլխաւոր հովանաւորութիւնը: Խմբագրութիւնս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ պարոն Պարսամեանին, ինչպէս նաեւ անոր կնոջ՝ Թամարին, որ նաեւ մաս կը կազմէ ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբին:
Ձեռնարկը հովանաւորելու մեր դիմումին ազնուօրէն ընդառաջեցին նաեւ տոքթ. Կարօ եւ Սիլվի Դերձակեանները, իրաւաբան Քրիս Կիւլճեանը, ՀՕՄի «Գառնի» եւ «Սեւան» մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ իրենց անունները յայտնել չցանկացող խումբ մը հայորդիներ: Շնորհակալ ենք բոլորին:
«Ասպարէզ» այս առթիւ, քիչ մը հապճեպ, պատրաստեց ներդիր մը՝ նուիրուած Օրենճ Քաունթիի մէջ գործող միութիւններուն եւ որոշ անձնական ձեռնարկութիւններու: Խմբագրութիւնս կը խոստանայ հետագային առաւել լայնօրէն անդրադառնալ այս համայնքին՝ առաւել մանրամասնօրէն ներկայացնելով շրջանին մէջ գործող ազգային բոլոր կառոյցներն ու դերակատար անձնաւորութիւնները:
Մեր սիրելի բաժանորդներու կողքին, «Ասպարէզ»ի այսօրուան թիւը թղթատարի ճամբով պիտի ստանան նաեւ Օրենճ Քաունթի բնակող 1100 հայրենակիցներ, որոնց կ՛առաջարկենք թերթին բաժանորդ դառնալ՝ օգտուելով այս առթիւ տնօրէնութեան առաջարկած 25 տոկոս զեղչէն:
«Ասպարէզ» իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Օրենճ Քաունթիի մէջ այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ գործադրման աշխատանքը ստանձնած յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց աջակցողներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին, Կարօ Մատէնլեանին, Թալին Արթինեանին, Յակոբ Պատալեանին, Շուշիկ Արսլանեանին, Վանիա Արըճեանին, Անի Մկրտիչեանին, Թամար Պարսամեանին, Ռիթա Հինդլեանին, Հրաչ Հինդլեանին, Մակի Տիշոյեանին, Ռինա Տէր Ալեքսանեանին, Արամ Մատէնլեանին, Զարեհ Սափսըզեանին եւ Մաքօ Մատէնլեանին:
Անշուշտ, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Համազգայինի «Անի» պարախումբին, անոր պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանին ու Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանին, խումբի բոլոր պարողներուն ու պատասխանատուներուն: Մենք դեռ երկար ճանապարհ պիտի կտրենք այս խումբին հետ. շարք մը այլ համայնքներու մէջ նոյնօրինակ ձեռնարկներ արդէն իսկ կը կազմակերպուին: Յաջորդ հանգրուանը Թորանսն է: