
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Քալիֆորնիոյ խոր-հրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Կրեկ Գրիգորեանի ընտրապայքարի պաշտօնական մեկնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ ի մի բերելով աւելի քան 300 համակիրներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատարներ, որոնց շարքին էին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Քանի Քանուէյ ու նահանգի Ծերակոյտի անդամ Պիլ Էմըրսըն:
Կիրակի, Օգոստոս 26ին, «Արպա»չ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին Կրեկ Գրիգորեան յայտարարեց, թէ Նոյեմբեր 6ին կայանալիք ընտրութիւններուն քուէարկողները առիթ պիտի ունենան ընտրելու Մայք Կաթօն, որ վճռած է պարտադրել խիստ օրէնքներ, որոնք կրնան ընկերութիւնները դուրս մղել նահանգէն, կամ յաւելեալ կրճատումներ կատարել կրթական մարզէն:
Գրիգորեան առաջարկեց զինք ընտրել, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր ձայն մը հասցնել Սաքրամենթօ, որ պիտի որդեգրէ աւելի տրամաբանական քաղաքական վարկագիծ մը: «Յաջորդ 70 օրերուն, ձեր աջակցութեամբ, կր-նանք կերտել մեր յաղթանակը», աւելցուց ան:
Ձեռնարկին պատուոյ հիւրընկալն է Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանը, որ ներկաներուն պատմեց, թէ 50 տարի առաջ ինք եւս Կրեկի ներկայ վիճակին մէջն էր՝ ըլլալով Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ դառնալու թեկնածու: Ան յիշեցուց, թէ իր քաղաքական ասպարէզի ընթացքին գիտակցած է, թէ կրթական մարզը որքա՛ն կարեւոր է նահագին համար եւ յիշեցուց, թէ այդ մարզին մէջ յատկանշական փորձառութիւն ունեցող Կրեկը լաւագոյն թեկնածուն է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ դառնալու:
Ներկայ էին նաեւ Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Կերի Պրիք, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան եւ Տէյվ Ուիվըր, Լա Քանիատայի կրթական խորհուրդի անդամ Սիւզըն Պոյտ, Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Թետ Պանչ, Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Վահէ Փիրումեան, Լոս Անճելըսի շրջանային դատախազի պաշտօնի թեկնածու Ալըն Ճեքսըն եւ Լոս Անճելըսի Հանրապետական կուսակցութեան նախկին ատենապետ Ճէյն Պարնեթ:
Կրեկ Գրիգորեան, որ 11 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ է եւ եղած է նաեւ անոր ատենապետը, Քալիֆորնիոյ 43րդ ընտրատարածքի խորհրդարանկան աթոռի թեկնածու է:
Գրիգորեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 240-7709 թիւին կամ
RSVP@Krikorian2012.com հասցէին: