
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլաեւ յայտարարեց, որ Սեպտեմբերին բացուող ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի հերթական նստաշրջանին, Նիւ Եորք գտնուող Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները կրնայ ըլլալ որ հանդիպում մը կազմակերպեն:
Կը նախատեսուի, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունենայ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: