
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Էտվենթիստ» բժշկական կեդրոնը վերջերս Կեդրոնի բժշկական եւ որակի հարցերու փոխնախագահ նշանակած է տոքթ. Արբի Նահապետեանը։
«Հպարտ եմ, որ կը միանամ այսպիսի յայտնի հիւանդանոցի մը ղեկավար մարմինին։ Այս հիւանդանոցը օրինակելի բժշկական հաստատութիւն մըն է, որ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր կը ծառայէ համայնքին», ըսած է բժշկ. Նահապետեան, որ ասպարէզով՝ սրտաբան է։
Նահապետեան այդ հիւանդանոցը եկած է սրտանօթային խորհրդատուներու բժշկական խումբէն, եւ որպէս դասախօս հանդէս կու գայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի բժշկական բաժանմունքէն ու Ռանըլտ Ռեկընի անուան բժշկական կեդրոնէն ներս։
Ան նախապէս մարդասիրական աշխատանքներ կատարած է Ափրիկէի մէջ, համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան ճամբով, իսկ մասնագիտութիւնը ամբողջացուցած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Հապըր» բժշկական կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Սիտըր Սայնայ» բժշկական կեդրոնին մէջ: Ան նաեւ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած է իր ասպարէզի ընթացքին: