ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Լորան Պիլի յայտարարեց, որ Ֆրանսայի պետական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի ընդգրկումը անակնկալ մը չէ:
Թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթի հարցումներուն պատասխանելով՝ դեսպանը ըսած է, որ դասագիրքերը կը պատրաստուին կրթութեան նախարարութեան կողմէ ստեղծուած յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն աշխատանքին չեն կրնար միջամտել քաղաքական անձնաւորութիւններ:
«Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է օրէնսդրական մակարդակով, եւ այս պատճառով ալ, այդ նիւթը դասագիրքերուն մէջ ընդգրկելու որոշումը պէտք չէ անակնկալ ըլլայ», եզրափակած է Պիլի:
«Հիւրրիյէ»չի թղթակից Արզու Չաքըր, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ զանազան երկիրներու մօտ Ֆրանսայի 200 դեսպաններու ի պատիւ սարքուած հաւաքոյթի մը ընթացքին, առիթ ունեցած է նախագահին յիշեցնելու այն փաստը, թէ Ֆրանսայի դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ տեղ տրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան։
Ըստ թղթակիցին՝ նախագահ Հոլանտ ըսած է, որ ինք տեղեակ չէ այդ մասին եւ աւելցուցած, որ դասագիրքի մէջ փոփոխութիւն ընելու հրահանգը իրմէ չէ տրուած, այլ այդ աշխատանքը կը կատարէ յատուկ յանձնախումբ մը։
Նոյն հաւաքի ընթացքին, Հոլանտ դեսպաններուն ուղղեալ իր ճառախօսութեան մէջ, զանազան երկիրներու կարգին խօսած է նաեւ Թուրքիոյ մասին եւ ըսած. «Ֆրանսան, տնտեսական գետնի վրայ փայլուն յաղթանակներ ապահոված եւ Եւրոմիութեան անդամակցիլ փափաքող Թուրքիոյ հետ կայուն եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւն մը պէտք է հաստատէ՝ առանց մոռնալու դժուարին նիւթերը»։