ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի օծման երկրորդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Սեպտեմբեր 16ի առաւօտեան ժամը 10:30ին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը երգչախումբի եւ հոգեւորականներու թափօրով պիտի առաջնորդուի դէպի առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակ, ուր պիտի կատարէ պաշտօնական բացման արարողութիւնը «Թր-բանճեան կոթող»ին: Ապա պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր:
Յայտագիրի աւարտին, կ.ե. ժամը 2ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մայր տաճարի երկրորդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական ճաշկերոյթը՝ յատուկ յայտագիրով մը: Ճաշկերոյթին տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել առաջնորդարանի գրասենեակը՝ (818) 558-7474 թիւով: