
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրես».- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քերըլ Լիու եւ նահանգի խորհրդարանի անդամներ Էնթընի Փորթանթինոյի ու Մայք Կաթոյի ընտրատարածքներուն մէջ ապրող 30 կիներ մեծարուեցան Ուրբաթ, Օգոստոս 17ին, Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունենացած մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին ընթացքին:
Մեծարեալներուն մէջ կային վեց հայուհիներ.
– Էմմա Կարապետեան («Մօտելլա Եունիֆորմզ», Կլենտէյլ), իբրեւ արտակարգ գործարարուհի (փոքր գործառութեան մարզին մէջ).
– Ռամելա Մարգարեան (Կլենտէյլի «էտվենթիս»չ բժշկական կեդրոն), իբրեւ ոչ շահաբեր կազմակերպութեան մը արտակարգ պաշտօնեայ.
– Լիսա Տէրտէրեան (Փասատինայի հրշէջներու բաժանմունք) արժանացաւ Թեմի Կինզպըրկի անուան մրցանակին.
– Հիլտա Փիրիմ («Իմպրոյտմի», Կլենտէյլ) արժանացաւ կենսոլորտային եւ ուժանիւթի խնայողութեան մրցանակին.
– Լոլա Աբրահամեան (Կլենտէյլի ոստիկանութիւն) արժանացաւ ապահովական մարմիններու յատուկ մրցանակին.
– Թալին Պեսոս («Թալին Միւզիք», Կլենտէյլ) արժանացաւ արուեստի եւ ժամանցի մարզի մրցանակ:
13 տարիներէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ Գործարար կանանց այս մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին կը մեծարուին առաջատար եւ օրինակելի կիներ: