
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան մաս պիտի կազմէ դէպի Հարաւային Ափրիկէ եւ Նամիղիա գործուղուող երկկուսակցական 7 հոգինոց պատուիրակութեան՝ ներկայացնելով Ամերիկացի երիտասարդ քաղաքական գործիչներու խորհուրդը:
Պատուիրակութիւնը կազմուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն կողմէ առաջադրուած գործիչներէ, եւ անոր անդամները իրենց այցելած երկիրներուն մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ տեղական, նահանգային ու ազգային շրջանակներէ: Անոնք նշեալ երկիրներուն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան՝ համայնքային ու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութեանց միջոցաւ: