ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Փասատինա Սան».- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ ուսողութեան դոկտորի կոչումին արժանացած Աշոտ æրբաշեանի տան մէջ ուսողութիւնն ու գիտութիւնը միշտ յատուկ տեղ ունեցած են, որուն հետեւանքով անոր զաւակը՝ 21ամեայ Եդուարդը յատուկ սէր ունի ուսողութեան հանդէպ:
Վերջին 11 տարիներուն, Աշոտ Ջրբաշեան մեծ մասամբ յառաջացեալ ուսողութեան դասընթացքներ վարած է Կլենտէյլի համայնքային համալսարանին մէջ, իսկ անոր զաւակը, «Քլարք» երկրորտդական վարաժարանը չաւարտած իսկ, սկսած էր ուսողութեան եւ բնագիտութեան համալսարանական դասընթացքներու հետեւելու ու կը պատրաստուի ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ մասնագիտանալու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, կրթական այս տարեշրջանին:
Մինչ այդ, այս ամրան ընթացքին, հայր եւ որդի Ջրբաշեանները իրենց ժամանակը տրամադրած էին հեղինակաւոր JPL հիմնարկին մէջ նորարարութեանց որոնումին, յատկապէս արեւու ճառագայթներու ցոլացնող գործիքներու եւ դէպի Հրատ մոլորակ առաքելութեանց կապակցութեամբ: Հիմնարկին պատասխանատուները կը յայտնեն, թէ հիմնարկին պատմութեան մէջ հաւանաբար առաջին անգամն է, որ հայր ու զաւակ կը համագործակցին գիտական ծրագիրներու վրայ: