
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյէն 20ամեայ Ճեսիքա Պուճիքեան այս ամառ մասնակցած է վարժողական ծրագիրի մը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Քալիֆորնիոյ 19րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկերսական Ճեֆ Տենըմի (Թըրլաք քաղաքէն) գրասենեակին մէջ:
Ճեսիքա Պուճիքեան քոնկրեսականին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գրասենեակին մէջ եռամեսայ այս վարժողական ծրագիրին մասնակցելու առիթը ունեցած էր, հանդիսանալով Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի հինգ ուսանողներէն մէկը, որ արժանցած էր հեղինակաւոր «Մետի» հիմնարկի կրթանպաստին:
Իր վարժողական ծրագիրին ընթացքին, Ճեսիքա Պուճիքեան, ի մի բերելով հողագործութեան մարզին նկատմամաբ իր հետաքրքրութիւնն ու փորձառութիւնը, բանաձեւներու ամփոփումներ ու այլ տեղեկագիրներ պատրաստած է Քոնկերեսին կողմէ քննուած եւ վաւերացուած հողագործական բանաձեւներուն համար:
Քոնկերսական Ճեֆ Տենըմ ողջունած է Ճեսիքայի կարեւոր ներդումը, աւելցնելով, թէ վստահ է, որ «Ճեսիքային ջանասիրութիւնը մեծապէս հպարտացուցած է անոր բարեկամներն ու ընտանիքը»: Ան աւելցուցած է, թէ նման վարժողական ծրագիրներ առիթ կ՛ընծայեն մասնակիցներուն, որ մօտէն ծանօթանան դաշնակցային իշխանութեանց գործունէութեան, միաժամանակ նպաստելով քոնկրեսականներուն:
«Մայրաքաղաք այցելելու որոշումիս դրադապատճառն էր յստակացնել, թէ կեանքս ի՞նչ նպատակի պիտի նուիրեմ: Հիմա կը գիտակցիմ, որ քաղաքական ասպարէզը տարբեր է այլ ասպարէզներէն, որովհետեւ հոն կը պահանջուի նուիրում տարբեր ապրելակերպի մը, որ քեզմէ կը պահանջէ շարունակաբար ընտելանալ նոր պայմաններու, միաժամանակ պահպանելով հիմանական արժէքներդ», կը յայտնէ Ճեսիքա Պուճիքեան, որ երրորդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին, մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ: Ան նաեւ կամաւոր աշխատանք կը տանի համայնքէն ներս ու գործօն մասնակցութիւն կը բերէ իր ընտանիքի ագարակի գործունէութեան: Ճեսիքա զաւակն է Մարք եւ Շըրլի Պուճիքեաններուն: