ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քանի մը ամիս առաջ «Մաշտոց» քոլեճը իր կրթական, վարչական եւ հանրային ծրագիրներն ու գործունէութիւնը տեղափոխեց Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքի սիրտին մէջ գտնուող իր նոր, ընդարձակ ու յարմարաւէտ համալիրը: Քոլեճի բազմապիսի ծրագիրներն ու ծառայութիւնները այսուհետեւ տեղի պիտի ունենան նոր համալիրին մէջ, որուն հասցէն է՝ 744 South Glendale Avenue (Կլենտէյլ եւ Ուինտսըր փողոցներուն խաչմէրուկին):
Մաշտոց քոլեճին կրթական ընդհանուր ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ ծրագիրներն ու բաժինները.
– Քոլեճային ուսմունք՝ վարչագիտութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր)
– Հայոց լեզու եւ հայագիտութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր)
– Մանուկներու խնամքի կեդրոն
– Մանկավարժութեան դասընթացքներ (վկայագիր)
– Երկլեզու դասաւանդութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր)
– Համակարգիչներու ուսմունք՝ տարբեր ծրագիրներ (վկայագիր)
– Յետդպրոցական ժամերու մասնաւոր դասաւանդութիւն (հայերէն եւ այլ առարկաներ)
– Ընտանեկան եւ երիտասարդական կրթական գործունէութիւն
– Շաբաթօրեայ հայերէնի դասընթացքներ
– Տարբեր լեզուներու դասաւանդութիւն (անգլերէն, սպաներէն, արաբերէն, պարսկերէն եւ այլ լեզուներ)
– Թարգմանչական արուեստ (վկայագիր)
– Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան եւ գրադարան:
Քոլեճին նոր համալիրը օժտուած է յարմարաւէտ դասարաններով, գրասենեակներով, դահլիճներով, մանուկներու խնամքի կեդրոնի գեղեցիկ ու ապահով խաղավայրով, մարզասրահով եւ կահաւորուած մեծ խոհանոցով, զոր կարելի է օգտագործել տարբեր հաւաքոյթներու ժամանակ:
«Մաշտոց» քոլեճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան նշեց, թէ նոր համալիրը բացառիկ առիթ կ՛ընձեռէ տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմին՝ լաւագոյն ձեւով եւ առաւելագոյն չափով ծառայելու մեր համայնքին, մասնաւորաբար հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան կրթական, գիտական ու մշակութային պէտքերուն: Ան ուրախութեամբ նաեւ յայտնեց, որ այս տարի եւս քսանամեայ քոլեճը արժանացած է պետական պաշտօնական վաւերացման, իսկ մանուկներու խնամքի կեդրոնը արդէն ստացած է պետական վաւերացում:
Քոլեճի առաքելութեան ու ծրագիրներուն աւելի մանրամասն ծանօթանալու նպատակով, ինչպէս նաեւ արձանագրուելու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 548-9345 համարով:
Արձանագրութիւնները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, եւ դասընթացքները պիտի սկսին յառաջիկայ Սեպտեմբեր 10ին:
(Թղթակցութիւնը՝ քոլեճէն)