ՈՒՈՒՏԼԸՆՏ ՀԻԼԶ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն շրջանաւարտ Լիա Անուշ ՄըքՔլոսքի հեղինակաւոր «Ֆուլպրայ»չ ծրագիրէն կրթանպաստ մը ստացած է, որու շնորհիւ ան 2012-2013 տարեշրջանին ընթացքին ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարէ Տաթեւ վանքի համալիրին մէջ:
Առնուազն 9 ամիս Հայաստան մնալով, ան պիտի ուսումնասիրէ յատկապէս «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը եւ անոր ներդրումը շրջանի բարգաւաճման:
Լիա Անուշ ՄըքՔլոսք, որ զաւակն է Ճէյմզ ՄըքՔլոսքի ու Ճուտի Սանոյեանի, «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրին ծանօթացած էր 2010ին Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին ու հետաքրքրական գտած էր Հայաստանի պատմական ճարտարագիտութիւնը ներկայ Հայաստանի տնտեսական զարգցման ի սպաս դնելու ջանքերը: