
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 22ին, Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստները յանձ-նուեցան համալսարանական երկու փայլուն ուսանողներու՝ Տաթեւ Յովհաննէսեանին եւ Արմէն Աբգարեանին:
Կրթանպաստի հիմնադրամը հաստտուած է նպաստելու համար համալսարանի առնուազն երրորդ տարուան հայ ուսանողներուն. նախընտրութիւն կը տրուի «Ֆերահեան» վարժարանէն շրջանաւարտներուն, նկատի ունենալով որ Մերիլին Արշակունին այդ վարժարանին մէջ դասաւանդած է:
Տաթեւ Յովհաննէսեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ չորրորդ տարուան ուսանող է, մասնագիտանալով ուսողութեան ճիւղին մէջ, սակայն յատուկ հետաքրքրութիւն կը տածէ նաեւ անգլերէնի ու արուեստներու նկատմամբ: Ան կամաւոր կերպով օժանդակած է այլ ուսանողներու դասաւանդութիւններուն եւ կը յուսայ ուսումը շարունակել, «Սի.Փի.Էյ.» տիտղոսով հաշուապահութեան ճիւղին մէջ, միաժամանակ կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրելով իր համայնքին:
Արմէն Աբգարեան եւս չորրորդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ, մասնագիտանալով քաղաքական գիտութեանց ճիւղին մէջ: Ան որոշած է ուսումը շարունակելով իրաւաբան դառնալ եւ մասնակցած է Ամերիկայի Դայ Հատի յանձնախումբին վարժողական ծրագիրներէն մէկուն, աւելի լաւ հասկնալով, թէ կառավարութիւնը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ ամերիակահայ համայնքի բագաւաճումը ապահովելու աշխատանքին մէջ:
Կրթանպաստը ստացող երկու ուսանողներն ալ գործօն անդամներ են հայկական կազմակերպութիւններու եւ արդէն իսկ ցոյց տուած են, թէ իրենց մասնագիտացումը աւարտելէ ետք եւս նեցուկ պիտի կանգնին իրենց համայնքին: