
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի ամերիկահայ գերվարպետ Տաթեւ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ գանատահայ միջազգային վարպետ Նատալիա Խուդգարեան, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն պիտի մասնակցին Ռուսիոյ մէջ կայանալիք կանանց ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան. այս մասին կը հաղոդէ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութիւնը:
Հայաստանէն պիտի մասնակցին գերվարպետներ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Աբրահամեան եւ Խուդգարեան համապատասխանաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ճատրակի առաջատար վարպետներու շարքին կը դասուին: