
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, լեզուագէտ Արտեմ Եղիշէ Սարգսեանի 70ամեայ յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան թեմի առաջանորդարանին մէջ (3325 North Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504), հովանաւորութեամբ «Արփա» հիմնարկին:
Բացման խօսքը պիտի արտասանէ «Արփա» հիմնարկի նախագահ Յակոբ Փանոսեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն է վաստակաւոր ուսուիցիչ Մինաս Գոճայեան: Սրտի խօսքեր պիտի արտասանեն «US Armenia» կայանի ծրագրավար Ալինա Խաչատրեան ու կայանի սեփականատէր Բագրատ Սարգսեան, իսկ երգով պիտի մասնակցի վաստակաւոր երգիչ Ռազմիկ Մանսուրեան: Աւարտին, մեծարեալը պիտի փոխանցէ իր խօսքը:
Դոկտ. Արտեմ Սարգսեան, շարք մը այլ միջազգային կաճառներու կողքին անդամ է նաեւ Հայաստանի Գիտութեան ականդեմիոյ: Ան Երեւանի պետական համալսարանէն ստացած է դոկտորի կոչում եւ պաշտօնավարած է Կիպրոսի «Մելգոնեան» հաստատութեան, Հայաստանի Գիտական ակադեմիոյ, Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց»ին ու Հայաստանի զանազան վարժարաններու մէջ: 1995ին նշանակուած է Հայաստանի լեզուի պետական տեսչութեան Լեզուաշինութեան վարչութեան պետ եւ ընտրուած է Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդի փոխնախագահ: 1978էն ցայսօր, ան կը վարէ պատկերասիւռային «Մեր լեզուն, մեր խօսքը» հաղորդաշարը, որուն համար արժանացած է պետական մրցանակի: Ան հեղինակն է 12 մենագրութեանց, ինչպէս նաեւ 7 հատորնոց «Հայոց լեզուի բարբառային բառարան»ին ու «Գրաբարի լիակատար բառարան»ին:
Ան նաեւ արժանացած է Մովսէս Խորենացիի անուան եւ առաջին կարգի շարք մը այլ շքանշաններու: