
Հայազգի թենիսի վարպետ Անի Ամիրաղեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Իտալիոյ թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի մը, իր կատարած առաջին մրցումին (1-16րդ հանգրուան) յաղթանակ արձանագրեց՝ 1-6, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով, պարտութեան մատնելով իտալացի Քիարու Մենթօն:
1էն 8րդ հանգրուանին, Ամիրաղեան իր դէմ պիտի ունենայ դարձեալ իտալացի մարզիկներէն Ճիովաննա Ֆիորեթթին:
Նշենք, որ մրցաշարքին յատկացուած մրցանակային ընդհանուր գումարն է տասը հազար եուրօ: