ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Կազմակերպութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, վերջերս տեղի ունեցաւ 3 օրերու վրայ երկարող «Արմինիըն ֆեսթիվալ»ը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ Սոֆի Մխէեան, Ռազմիկ Ամեան, գաղութի երգիչներ՝ Էլի Պէրպէրեան եւ Ներսէս Ատուրեան: Հանդիսավարն էր Լիբանանէն հրաւիրուած Փիեռ Շամմասեան: Աւելի քան 3500 ազգայիններ այցելեցին փառատօնը, որուն ծիրէն ներս ելոյթ ունեցաւ նաեւ Մոնթրէալի Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի պարախումբը: Նաեւ կազմակերպուեցան ծրագիրներ՝ մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Բաժնուեցան մուտքի նուէրներ, գործադրուեցան խաղեր եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.