
– Նիւ Եորքի հռչակաւոր «Էմփայըր Սթէյթ» շէնքին առջեւ, Ուրբաթ, Օգոստոս 24ին 53ամեայ զինեալ մը, որ մօտ տարի մը առաջ պաշտօնազրկուած էր, իր նախկին աշխատավայրը վերադառնալով սպաննեց 41ամեայ պաշտօնակից մը եւ ապա զինեալ ընդհարում ունեցաւ ոստիկանութեան հետ, որուն հետեւանքով ինք եւս սպաննուեցաւ: Վիրաւորուեցան առնուազն 9 ուրիշներ:
– Անցեալ տարի Նորվեկիոյ մէջ 77 երիտասարդներ սպաննած ազգայնամոլ զինեալը, Օգոստոս 24ին 21 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
– Ըստ ատրպէյճանական «Տոքթրինա» կեդրոնին՝ այս տարուան ընթացքին (մինչեւ Օգոստոս 23) զինեալ ուժերը առնուազն 65 զոհ տուած են: Վիրաւորուած են 61 ուրիշներ:
– Նոյեմբերի նախագահական ընտրութեանց շուրջ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ նախագահ Պարաք Օպամայի եւ անոր հանրապետական մրցակից Միթ Ռամնիի շահելիք քուէները իրարու շատ մօտ պիտի ըլլան: «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան կատարած հարցախոյզի մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը Օպամայի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, իսկ 46 տոկոսը՝ Ռամնիի: Սակայն հետաքրքրական է, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն 58 առ հարիւրին կարծիքով՝ Օպամա յաղթանակ պիտի արձանագրէ:
– Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար Պաքու չմեկնած արդէն իսկ նեղացուցած է Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է Պաքուի իշխանութիւններու ընդդիմադիր գործիչ Էլմար Շախտախտինսքիի հետ:
– «Փիու» ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ միջին դասակարգը կը շարունակէ նօսրանալ. վերջին 40 տարիներուն ընթացքին անիկա ընդհանուր բնակչութեան 61 տոկոսէն իջած է 51 տոկոսի:
– Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ դժգոհութիւն յայտնած է Անգարայի մղած «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ին մէջ Ուաշինկթընի «անբաւարար աջակցութեան» նկատմամբ:
– «Կոլոս» հիմնարկին կողմէ Մայիսին կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն՝ Ռուսիոյ բնակչութեան 45 տոկոսը համացանց չի գործածեր: