ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ Հինգշաբթի, Օգոստոս 23ի երեկոյեան կը տիրէր զգուշաւոր լռութիւն մը, մինչ լիբանանեան բանակը կը վերաբանար արձակազինութեան պատճառով փակուած Թրիփոլի-Աքքար մայրուղին:
Հինգշաբթի առաւօտեան, զինեալ բախումները շարունակուած էին՝ պատճառելով առնուազն երկու զոհեր եւ վիրաւորներ:
Աւելի ուշ, Թրիփոլիի Ճապալ Մըհսեն շրջանը դիրք բռնած զինեալներ հրկիզած էին շրջանին մէջ գտնուող սրճարաններէն մէկը, որուն իբրեւ հակադարձութիւն՝ Պապ Թըպպանէի զինեալներ հրկիզած էին Սուրիա փողոցին վրայ գտնուող քանի մը բնակարաններ:
Միւս կողմէ՝ վարչապետ Նեճիպ Միքաթի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դարձնելու փորձերուն նկատմամբ՝ կոչ ընելով բոլոր պատասխանատուներուն, որ Լիբանանը կարելի եղածին չափ հեռու պահեն իր շուրջ բռնկած հրդեհէն եւ վտանգներէն: Միքաթի հաստատեց, որ Թրիփոլիի արիւնալի բախումները որոշ շրջաններու մէջ են եւ անոնք եւս փորձեր են՝ Լիբանանը արտաքին տագնապին մէջ ներառելու: Միքաթի նախագահեց Թրիփոլիի վերաբերող ապահովական կարգ մը հանդիպումներու, որոնց շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, թէ լիբանանեան բանակն ու ապահովական ուժերը պէտք է իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առնեն կացութիւնը եւ վերահաստատեն կայունութիւնը: