ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի բնապահպանական պետական տեսչութեան Սիւնիքի տարածքային բաժինը 20 Օգոստոսին ահազանգ մը ստացած էր այն մասին, որ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատ» ընկերութեան մետաղեայ խողովակաշարը վնասուած է. իբրեւ հետեւանք՝ թափօնները հոսած են շրջակայ տարածք եւ լեցուած Գեղի տանող մայրուղիին աջ կողմը գտնուող ջրատարին մէջ՝ որոշ մաս մը Ողջի գետին մէջ, ինչպէս նաեւ շուրջ 100 մեթր երկարութեամբ կուպրապատուած տարածք թափելով։
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ընկերութեան կողմէ անմիջապէս ձեռնարկուած են աղտոտած տարածքներու մաքրութեան եւ լուալու աշխատանքներու, վնասուած խողովակը շինուած է, ու ամէն ինչ բնական ընթացք ստացած է։
Սիւնիքի մարզի բնապահպանական պետական տեսչութեան տարածքային բաժինի աշխատակիցները նախարար Արամ Յարութիւնեանի յանձնարարութեամբ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրած են իրավիճակը, արձանագրած կացութեան առնչուող մանրամասնութիւնները եւ աղտոտած ջուրէն նմոյշ առնելով՝ զայն քննութեան ենթարկած են, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել, թէ միջավայրին ի՛նչ վնաս հասած է եւ հատուցում կատարել։