
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանեան միջազգային երաժշտական 6րդ փառատօնի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհահռչակ երաժիշտ Միշել Լըկրանի 80ամեակին նուիրուած տօնական համերգ: 20 Հոկտեմբերին նախատեսուած համերգին պիտի մասնակցին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբը՝ Էդուարդ Թօփչեանի գլխաւորութեամբ, Փարիզի օփերայի մենակատար, տաւղահար Քեթրին Միշելը եւ ինք՝ աշխարհահռչակ երաժիշտը:
Իր երաժշտական նախնական կրթութիւնը Լըկրան ստացած է հօրմէն՝ Ռեմոն Լըկրանէն: Մայրը՝ հայուհի Հայկանոյշ Մարսէլ Տէր Միքայէլեան, դաշնակահարուհի էր: Լըկրանի մուտքը դէպի երաժշտութեան մեծ աշխարհ տեղի ունեցած է 1960ական թուականներուն, Ֆրանսացի Ժագ Տեմիի բեմադրած «Շերպուրկեան հովանոցներ» ժապաւէնին համար գրեց իր ամէնէն նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Շերպուրկեան հովանոցներ»ը, որով ան համաշխարհային ճանաչում ստացաւ։ Երաժիշտը 3 անգամ արժանացած է «Օսքար» եւ 5 անգամ «Կրեմմի» մրցանակներուն՝ «Լաւագոյն երաժշտութիւն» դասակարգով։