
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին օրը՝ Կիրակի, Օգոստոս 12ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի Ս. պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ արարողութեան աւարտին հանդիսապետեց Խաղողօրհնէքի կարգին: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան եւ սարկաւագներ: Պատարագի ներդաշնակ երգեցողութիւնը կատարեց Մայր տաճարի «Խաչատուրեան» երկսեռ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Գեղամ Աշճեանի: Արարողութեանց մասնակցեցաւ նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեան:
Սրբազանը իր քարոզէն առաջ ողջունեց ներկայութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի եւ ապա պաշտօնապէս հաւատացեալներուն ներկայացուց Պըրպենքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉեսը, իր պատուիրակութիւնը եւ «Ուուտպըրի» համալսարանի տնօրէն դոկտ. Լուիս Կալինկօն:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդին հանդիսապետութեամբ եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը: Հաւատացեալները հոգեպէս մխիթարուած եւ զօրացած բաժնուեցան Մայր տաճարէն: