
ՍՈԼԹ ԼԷՅՔ ՍԻԹԻ.- Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին օրը՝ Կիրակի, Օգոստոս 12ին, Սոլթ լէյք Սիթիի Հայց. եկեղեցւոյ համայնքը՝ ատենապետութեամբ Յովհաննէս Մկրտիչեանի, կազմակերպած էր դաշտահանդէս մը, ուր ծուխի այցելու հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան Խաղողօրհնէք կատարեց եւ քարոզեց օրուան խորհուրդը: Հաւատացեալներ, հոգեւոր եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամանակ անցուցին: