
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Յուլիս 13ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող Սիլվա Քէշիշեանն ու Նանէ Չեհրազ հանդիպում մը ունեցան քաղաքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉեսի եւ անոր տեղակալ Թամըս Էյնճըլի հետ, քննելով Պըրպենքի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր եւ յատկապէս ոստիկանութեան նախաձեռնած համայնքային դասընթացքը:
Ոստիկանապետը բացատրութիւններ տուաւ համայնքի անդամները՝ ոստիկանութեան պատասխանատուութեանց, գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ կազմակերպական կառոյցին ծանօթացնելու նպատակով նախաձեռնուած այս դասընթացքին մասին, որ պիտի տրամադրուի անգլերէնով, հայերէնով եւ սպաներէնով: Զայն աւարտողները պիտի կարենան իբրեւ կամաւորներ նպաստել ոստիկանութեան:
Դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Սեպտեմբեր 5ին ու պիտի շարունակուին մինչեւ Նոյեմբեր 14, շաբաթը մէկ անգամ: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել info@burbankanc.org հասցէին կամ (818) 238-3235 թիւին:
«Պըրպենքի ոստիկանութիւնը կ՛ուզէ հաղորդակցութեան յստակ կապեր հաստատել քաղաքի հայ համայնքին հետ, որպէսզի միասնաբար կարելի ըլլայ լուծումներ գտնել առկայ խնդիրներուն», ըսաւ ոստիկանապետ ԼաՉես, յոյս յայտնելով, որ այս դասընթացքները պիտի նպաստեն այդ նպատակին:
«Ուրախ ենք, որ Պըրպենքի ոստիկանութիւնը որոշած է նաեւ հայերէնով կատարել սոյն դասընթացքները, որոնք շատ լաւ առիթ մըն են հետաքրքրուողներուն համար, որ իբրեւ կամաւորներ՝ օժանդակեն Պըրպենքի ոստիկանութեան», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Սիլվա Քէշիշեան: