
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Արմչես».- Ճատրակի գերվարպետ Վարուժան Յակոբեան, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած ճատրակի բաց մրցաշարքին ընթացքին կէս կէտի տարբերութեամբ երրորդ դիրքը գրաւած է՝ հաւանական 9 կէտերէն ապահովելով 6.5 կէտ:
Մրցաշարքին մասնակցած 56 վարպետներու շարքին էին նաեւ գերվարպետ Մելիքսէթ Խաչիյեան (6 կէտ), 11ամեայ Սամուէլ Սեւեան (5.5), միջազգային վարպետ Անդրանիկ Մատիկոզեան (5 կէտ):