ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած «Յարութ Պարսամեան կրթաթոշակ»ի յանձնախումբը, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, քննարկելէ ետք իրեն հասած դիմումնագիրները՝ որոշեց այս տարեշրջանի մրցանակաւորները։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին, յանձնախումբի անդամ են բարերարը՝ փրոֆ. Յարութ Պարսամեան, եւ տոքթ. Կարօ Յակոբեան։
Յանձնախումբը 1500ական տոլարի կրթաթոշակները շնորհեց Ալեքս Թաշճեանին ու Ռաֆայէլ Թիւֆէնքճեանին: