
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ներքին գործոց նախկին նախարար Վանօ Սիրադեղեանի թիկնազօրի պետ Սուրէն Սիրունեանի մահէն ետք անձնասպանութեան փորձ կատարած անոր դուստրը՝ 16ամեայ Դիանա Սիրունեան մահացած է։ «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս լուրը հաստատած է Առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ Հայկ Դարբինեան՝ աւելցնելով, որ աղջիկը մահացած է 22 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 4:30ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Յիշեցնենք, որ 18 Օգոստոսին յանկարծամահ եղած էր Վանօ Սիրադեղեանի թիկնազօրի նախկին պետ, նախկին քաղաքական բանտարկեալ Սուրէն Սիրունեանը՝ 41 տարեկան: Հօր մահուան գոյժը առնելով՝ անոր միակ դուստրը՝ Դիանան, անձնասպանութեան փորձ կատարելով ինքզինք նետած էր 5րդ յարկէն։