
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն 37 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ Մարտունի վարչական շրջանին մէջ գտնուող Տնջրի ծառը (ծառատեսակը Չինարի) 2000 տարեկան է, որ, տեղացիներուն հաստատումով, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ ամէնէն տարեց ծառն է:
Ծառը ունի 54 մեթր բարձրութիւն, իսկ բունին շրջնագիծը 27 մեթր է: Ծառին կողճին մակերեսը 44 քառ.մ. է, իսկ սաղարթները 1400 քառ.մ. տարածք կը գրաւեն:
Ծառին վրայ մարդիկ գրութիւններ զետեղած են: Թէեւ մոմ վառելը արգելուած է, սակայն այցելուները մոմ կը վառեն ծառին տակ, ինչ որ կը վտանգէ ծառին գոյութիւնը։