
Բրիտանական «Օտիթի Սենթրըլ» (Oddity Central) կայքը ներկայացուցած է մեր հայրենակից, ինքնուս նկարիչ Տինօ (Տմիդրի) Մուրատեանի աշխատանքները, որոնք կտաւի փոխարէն կը ստեղծուին փայտի եւ կաշիի վրայ, իսկ վրձինը կը փոխարինէ գերտաքցած մետաղեայ գործիք մը:
60ամեայ Մուրատեան ծնած է Ռումանիա, սակայն աւելի ուշ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր բացայայտուած է անոր տաղանդը «փայրոկրաֆի»ի ոլորտին մէջ (կաշիի կամ փայտի վրայ գերտաքցած գործիքով նկարելու արուեստ):
Ան հսկայական ժամանակ տրամադրած է նոր գործիքներ հնարելու աշխատանքին: Երկար տարիներու աշխատանքէ ետք, ան մշակած է նոր մեթոտ մը, որ շատ բարձր ջերմաստիճանով կ՛այրէ փայտը՝ ապահովելով ստուերի ազդեցութիւնը:
1990ականներուն, Տինօ փորձած է իր գործերը վաճառել պատկերասրահներու, սակայն լուրջ խոչընդոտներու հանդիպած է՝ նկատի ունենալով, որ «փայրոկրաֆիք» արուեստը այդքան ալ տարածուած տեսակ չէր այդ ժամանակաշրջանին, ԱՄՆի մէջ: Այժմ, Տինօ Մուրատեան իր գործերը կը վաճառէ աշխարհի տարածքին յատուկ հաւաքածոյ կազ-մողներու: