
ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Ազդակ»ի Դամասկոսի թղթակիցը հաղորդեց, որ դժուարութեամբ յաջողած է կապ հաստատել Հալէպի հետ եւ տեղեկացած է, որ Երեքշաբթի առաւօտ տակաւին կը շարունակուէին լսուիլ կրակոցներու ձայներ Դիլալ-Ճիտէյտէ շրջանին մէջ, որ Հին Հալէպի թաղամաս կը նկատուի:
Երկուշաբթի օր պայթում մը տեղի ունեցած է Հաճ Հապիպ թաղամասին մէջ, ուր հայ բնակիչները հասած են օգնութեան՝ պայթումին պատճառած հրդեհը մարելու:
Իսկ Դամասկոսի մէջ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամերուն Մազզէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթում մը, որուն պատճառով բռնկած է հրդեհ մը:
«Ազդակ»ի թղթակիցը կը նշէ, որ հայկական առումով թէ՛ Հալէպի, թէ՛ Դամասկոսի մէջ ոչ մէկ վնաս արձանագրուած է:
«Երկիր Մետիա» իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ նշած է, թէ «անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ բախումները ուղղակի կերպով մօտեցած են հայկական շրջաններուն՝ ոչ միայն Հալէպի մէջ, այլ նաեւ հայաբնակ այլ շրջաններու մէջ: Օրինակ, Շաբաթ օր շուրջ 200 քիլոկրամ կշռող ռումբ մը պայթած է Քամիշլիի Սեւան փողոցին մէջ եւ հսկայական փոս մը յառաջացուցած: Բարեբախտաբար, ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, զոհեր չկան:
«Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, անցնող 2-3 օրերուն ընթացքին բանակը վերահսկողութիւն հաստատած է Թուրքիոյ սահմանակից Քեսապ-Հայաւան հայկական բնակավայրին մէջ, ուր վերջին շրջանին քանի մը անգամ բախումներ արձանագրուած էին ապստամբներու եւ բանակին միջեւ:
«Կիրակի օրուընէ ի վեր հայաշատ շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ: Բախումները հասած էին մինչեւ Ճիտէյտէ թաղամասը, որ ծանօթ է իբրեւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին մօտ եղող շրջան եւ ժամանակին հայաշատ եղած է: Այս դէպքերէն ետք շրջանին մէջ հայկական բնակչութիւն չունինք, սակայն այդտեղ կը գտնուի պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, դիմացը Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանն է, քանի մը թաղամաս այն կողմ հայկական Կիլիկեան վարժարանը կայ, այդ շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ հայ ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու բազմաթիւ խանութներ:
«Երէկ (Երեքշաբթի) բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ հայաշատ Սուլէյմանիյէ, Միտան եւ այլ շրջաններու մէջ: Բարեբախտաբար, համայնքին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, նաեւ չէ վնասուած որեւէ կառոյց:
«Մարտեր տեղի ունեցած են նաեւ Ազգային Սահակեան վարժարանին յարող տարածքին մէջ, ուր սպաննուած է ճափոնցի լրագրող մը, իսկ արաբ երեք լրագրողներու ճակատագիրը անյայտ է»:
Չորեքշաբթի երեկոյեան «Ազդակ» տեղեկացաւ, որ սուրիական բանակը իր ամբողջական վերահսկողութիւնը կրցած է վերահաստատել Հալէպի հայահոծ թաղամասերուն մէջ, այն բնակիչները, որոնք դէպքերուն պատճառով տեղափոխուած էին աւելի ապահով վայրեր, սկսած են վերադառնալու իրենց բնակարանը, եւ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: