ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Կիրակնօրեայի տեսչութիւնը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին կազմակերպելու ամառնային դպրոց մը, որպէսզի շրջանի մանուկներն ու պատանիները եկեղեցւոյ հովանիին տակ հայեցի մթնոլորտի մէջ բոլորեն իրենց արձակուրդի շրջանը, հաճելի ու դաստիարակչական ծրագիրներով հեռու չմնան հոգեւոր ու մտային աճումի մթնոլորտէն։
Ամառնային դպրոցի ծրագիրը իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ, Օգոստոս 10ին, մտերմիկ հանդիսութեամբ մը, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որ մանկական աշխարհի հոգեւոր մթնոլորտով լի պահ մը վայելեց մեր մանուկ եւ պատանի աշակերտներուն մատուցած յայտագիրով։
Սրբազանը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կողմէ։ Աշակերտները զինք դիմաւորեցին «Աստուած օգնական սրբազան հայր» ողջոյնով, եւ խնդրեցին իր օրհնութիւնը, որուն ի պատասխան՝ ան Աստուծոյ պահպանութիւնը հայցեց բոլորին համար եւ օրհնեց զիրենք։
Աշակերտներն ու աշակերտուհիները սրբազան հօր հրամցուցին Ս. պատարագէն երգեր՝ «Սուրբ Աստուած»ը, «Քրիստոս Ի մէջ մեր յայտնեցաւ»ը, «Տէր Ողորմեա»ն, ապա արտասանեցին «Շնորհակալ եմ Տէր Աստուած», «Ով Տէր Աստուած» եւ «Տէր իմ Աստուած Տէր բարերար» աղօթքները։ Առաջնորդը այնուհետեւ աշակերտներուն հետ ունեցաւ հարց ու պատասխանի մտերմիկ պահ մը, որմէ ետք ան գնահատեց աշակերտները, որոնք չորս շաբթուան ընթացքին պարտաճանաչօրէն դասընթացքներուն հետեւեցան եւ սորվեցան հոգեւոր երգեր, աղօթքներ, սաղմոսներ եւ այլ խաղեր։
Իր խօսքի աւարտին, ան խոստում առաւ աշակերտներէն, որ այսուհետեւ միշտ պիտի յիշեցնեն իրենց ծնողներուն զիրենք եկեղեցի բերել ու ծառայել եկեղեցւոյ։ Սրբազանը նաեւ գնահատեց Կիրակնօրեայի տեսչուհին՝ Թալին Զօմճեան-Նագգաշեանը, եւ օգնական ուսուցչուհիները՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:
Իբրեւ գործնական գնահատանք ու քաջալերանք՝ առաջնորդը աշակերտներուն նուիրեց Յիսուս Քրիստոսի գունազարդ երկու նկարներ եւ կրօնատիպ զարդեր, ապա աշակերտները լուսանկարուեցան առաջնորդին հետ: