
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի երիտասարդական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ «Բոլորս նոյն հայն ենք» երաժշտախառն ներկայացումը՝ Կլենտէյլի «Beyond The Stars» սրահին մէջ:
Ներկայացումը գրուած է ու կը բեմադրուի Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ անդամներէն Արփի Նաքաշեանի կողմէ, որ նաեւ Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան Կեդրոնական խորհուրդի անդամներէն է:
Տոմսերու սակը 25էն 40 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (714) 292-7149 թիւին կամ այցելել www.acyo-wd.org կայքը: