ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տարբեր ուխտերով Աստուծոյ դիմող եւ բարիքներ ակնկալող հաւատացեալներուն թիւը անչափելի է աշխարհի մէջ, տարբեր կրօններու պարագային հաւասարապէս: Միայն միաստուածեան կրօններու պարագային յայտնուող երեւոյթ չէ՛ ասիկա: Այլ՝ հնութեան գրեթէ ամէն կրօններն ալ ունեցած են չաստուածներուն դիմելու, եւ անոնց կատարելիք օժանդակութեան կամ պարգեւատրումին փոխարէնը անոնց զոհեր, ընծաներ մատուցելու երեւոյթներ, իբրեւ նախապէս կնքուած ուխտի կամ դաշինքի կատարում:

Հին Ուխտի ժողովուրդի բարեպաշտութեան յաջորդող քրիստոնէական դարաշրջանի հաւատացեալներուն պաշտամունքային ու ծիսական ամբողջ դրութիւնը, մեծապէս նպաստեց բարեպաշտութեան առաւել ծաղկումին՝ աստուածավախութեան ճամբով: Անդրանիկները չաստուածներուն զոհելու հին հեթանոսական վայրագ ուխտերուն յաջորդեց քրիստոնէական դարաշրջանի գառնուկը, երկնաւոր Գառին նմանողութեամբ, իբրեւ զոհ՝ մեր մեղքերու քաւութեան համար: Մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ մէջ մոմավառութեամբ այրող նիւթը մոմին, նոյն զոհողութեան եւ մեղքերու քաւութեան համար մատուցուած ընծային փոխարժէք նկատուեցաւ:
Անցնող տասնամեակներուն, յատկապէս քաղաքակրթութեան զարգացումի նախնական շրջանին, գաւառներու եւ գիւղերու, ինչու չէ նաեւ քաղաքներու մէջ բնակող հաւատացեալներ, բազմատեսակ ուխտերով կը դիմէին այս կամ այն լերան կատարին գտնուող վանքի սուրբին, որու հրաշագործութեան մասին անպայման լսած կ՛ըլլային բազմաթիւ զրոյցներ: Ոմանք ոտաբոպիկ կը կտրէին տասնեակներով մղոններ, իրենց ուխտը մատուցելու համար տուեալ սուրբին, մինչեւ ի կատար ածեր ան իրենց փափաքը:
Ինչքան բիւրեղ ու մաքուր է նման փափաք, որ ուխտով արտայայտութիւն կը գտնէ, միեւնոյն ատեն նոյնքան տարօրինակ էր անցեալին ներկայացուած այդ ուխտերուն բովանադակութիւնը: Անզաւակ որդիին զաւակով բախտաւորուելու համար ուխտ կատարող ծնողքին տրամաբանական ուխտի կողքին, ամուսնոյն կամ կնոջ առողջութեան թէ բարի ապաքինման համար կատարուած ցանկալի ուխտի կողքին, կային նաեւ անհեթեթ ուխտեր, ինչպէս գոմին մէջ հառաչող յղի կովուն հանգիստ ծննդաբերութեան համար կատարուած ուխտեր, եւ կամ այլ տնային կենդանիին համար կատարուած ուխտեր: Ինչքան ալ գեղջկական կեանքի հարազատ պատկերներ նկատուին ասոնք, միւս կողմէ սակայն քրիստոնէական ուխտի հասկացողութիւնը նսեմացնող գաղափարներ են, որոնք անգրագէտ ժողովուրդի իմացութեան մակարդակին պէտք է վերագրել:
Շատեր կը սարսափին ուխտ կատարելէ: Ամէնէն դիւրին թուացող ուխտը, թէեւ՝ ամէնէն ծանրագոյնը, մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ կնքուած ուխտն է: Որովհետեւ ամբողջովին գաղտնի, ծածուկ պայմաններու մէջ տեղի կ՛ունենայ անիկա: Երբեմն նոյնիսկ եկեղեցւոյ մէջ առանց ծունկի գալու, կամ հրապարակային ոչ մէկ արտայայտութեամբ, մարդ կրնայ ուխտել Աստուծոյ, իր միտքին մէջ եղած փափաքի կատարման ի խնդիր: Սակայն, մարդոց դիմաց կատարուած ուխտերը շատ աւելի սարսափելի եւ դժուար կը թուին մարդոց, երբ ստիպուած կ՛ըլլան ուխտել տուեալ կազմակերպութեան կամ հիմնարկի նկատմամբ հաւատարիմ ըլլալ մինչեւ մահ: Ամուսնութիւնը բացառութիւն կը կազմէ մարդոց միջեւ եւ դիմաց եղող ուխտերուն մէջ, որովհետեւ երջանկութիւնը իբրեւ բնական հետեւանք ընդունելով ամուսնութեան՝ շատեր չեն ալ անդրադառնար այդ ուխտին, եւ ուրախութեամբ ու ժպիտով հրապարակաւ կ՛ուխտեն հաւատարմութիւն, առանց իմանալու թէ ի՛նչ կը սպասէ իրենց, յառաջիկայ օրերուն, ամիսներուն կամ տարիներուն…: Երբեմն ալ «բախտը կը ժպտի» եւ ոմանք անգիտակցաբար կ՛երջանկանան: Գիտակից երջանկացողներուն թիւը խիստ սահմանափակ է, համաձայն աշխարհի տարածքին արձանագրուած աւելի մեծ քանակութեամբ ամուսնալուծումներուն, քան՝ ամուսնութեանց:
Ուխտի տեսակներուն մէջ ամէնէն տարածում գտածը, վախի ու վտանգի ազդեցութեան տակ կատարուածներն են: Իր կեանքին սպառնացող ստոյգ վտանգը տեսնելով, ոմանք անմիջապէս կ՛ուխտեն՝ փրկուելէ ետք ի կատար ածելու խոստացուածը: Սակայն, կը պատահի նաեւ, որ անոնք մոռնան, կամ փոխեն իրենց խոստումը:
Կենդանական աշխարհէն առնուած առակներուն մէջ կայ գայլէն հալածական աղուէսին կատարած ուխտի պատմութիւնը: Հալածական աղուէսը հազիւ փախուստ տուած գայլի ճիրաններէն՝ կը յաջողի թաքնուիլ սրբավարի մէջ, որուն լապտերին ձէթը իր բարի բախտէն սպառած ըլլալով, հազիւ կը նշմարէ սուրբին պատկերը: Հեւ ի հեւ վիճակին մէջ կ՛ուխտէ որ եթէ գայլը զինք չգտնէ, միշտ պիտի գայ այդտեղ ու ձէթ բերելով վառ պահէ լապտերը: Փափաքը կը կատարուի եւ գայլը առանց մօտենալու սրբավայրին, աջ ու ձախ փնտռելով կը հեռանայ այդ վայրէն: Աղուէսը փրկուած էր: Սակայն մի քանի օրեր ետք նոյն փորձանքը դարձեալ կը պատահի նոյն վայրին մէջ եւ աղուէսը դարձեալ հազիւ իր շունչը կÿառնէ միեւնոյն սրբավայրէն ներս: Մթութեան մէջ, դարձեալ նայելով սրբապատկերին, մէկ կողմէ ամօթահար՝ ուխտը կատարած չըլլալուն համար, միւս կողմէ խորամանկութեամբ, կը դիմէ սուրբին ըսելով.
_ Բայց դուն ե՞րբ ինծի աման տուիր ձէթ բերելու, եւ ես չբերի քեզի…:
Աղուէսանման խորամանկութեամբ ուխտ չի՛ կատարուիր, ո՛չ ալ կարելի է զԱստուած խաբել: Ինչ որ ուխտես՝ կատարէ՛ եւ կամ՝ բնաւ մի՛ ուխտեր: Ոմանք նոյնիսկ գիտնալով թէ պիտի չկարենան կատարել տուեալ ուխտը, դարձեալ վախի կամ վտանգի ազդեցութեան տակ կ՛ուխտեն, բախտին թողելով զայն իրականացնելու պարագան: Ինչո՞ւ մտնել նման պարտաւորութեան տակ, եւ բարեպաշտական գեղեցիկ այս սովորութիւնը մեր վնասին դարձնել: Ամէնէն կարեւոր ուխտը, Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ կնքուած դաշինքն է հաւատարմութեան: Այդ դաշինքը խիղճի մաքրութեան եւ հոգեկան անդորրութեան վրայ հիմնուած է:
ԶԱստուած սիրելու եւ զԱյն պաշտելու ուխտը մարդուն, այս կեանքի մէջ իրեն համար կը դառնայ երաշխիք, մարդկային առողջ փոխյարաբերութեան: Աստուծոյ հետ հաշտուած մարդը, մարդոց հետ շատ աւելի դիւրաւ կը հաշտուի: Այլապէս, իր Արարիչին հետ մնայուն կռիւի ու անհամաձայնութեան մէջ եղող մարդը, երբեք չի՛ կրնար խաղաղ ու երջանիկ ապրիլ մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Ուխտերու կատարիչ Աստուածը եւ Անոր բարեխօսող բոլոր սուրբերը բնա՛ւ պիտի չուզէին որ մենք ծանրացնէին մեր մարդկային կեանքը, մեր կարողութիւններէն վեր եղող ուխտերով: Ժողովրդային իմաստութիւնը, նիւթական ծախսերու մէջ չափաւորութիւն դնելու խրատ տալով մարդոց՝ կ՛ըսէ. «վերմակիդ չափով երկնցուր ոտքերդ»: Նոյնը կարելի է յարմացնել այս պարագային, ըսելով թէ մեր կատարելիք ուխտերը պէտք է ըլլան տրամաբանական, այլապէս պիտի ստիպուինք առակին մէջ ներկայացուած աղուէսին նման այլ ելք փնտռել, ուխտին ծանրութիւնը մեր վրայէն թօթափելու համար: