
– Քրտական զինեալ պայքարի 28ամեակին առթիւ քիւրտերու կատարած հերթական ցոյցերը, դարձեալ թրքական ոստիկանութեան հետ բախումներու պատճառ դարձած են: Բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ նահանգներուն մէջ, ուր ցուցարարները ինքնաշարժներ շրջած են եւ հրկիզած անոնցմէ մի քանին: Ոստիկաններ ցոյցերը ցրուելու համար արցունքաբեր նիւթեր օգտագործած են: Օգոստոս 15, 1984ը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ պայքարին սկիզբը կը նկատուի: Քրտական ինքնավարութեան նպատակով կայացող պայքարի ընթացքին, ցարդ քառասուն հազարէ աւելի զոհ արձանագրուած է:
– Իրաք մերժած է Քերքուք այցելելու համար մուտքի արտօնագիր տալ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւելեթ Պահչելիի, որ ուզած էր Ռամատանի առիթով այդ քաղաքը այցելել ու հանդիպիլ հոն ապրող թիւրքմէններուն հետ: Պաղտատի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, որովհետեւ Թուրքիան, շրջանցելով Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը՝ իր արտաքին գործոց նախարարը հիւսիսային Իրաք ղրկած էր եւ սկսած էր ուղղակիօրէն քարիւղ գնելու շրջանի քրտական կառավարութենէն:
– «Կը բաւէ կերակրենք Թուրքիան» կարգախօսով ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, սակայն թուականը չէ որոշուած: «Թուրքիոյ մէջ վատ վերաբերում կայ ռուսերու հանդէպ։ Բացարձակապէս անհասկնալի է, թէ ինչո՛ւ ռուսեր կը շարունակեն հոն արձակուրդի մեկնիլ՝ հարստացնելով Թուրքիոյ տնտեսութիւնը», յայտնեց ցոյցի կազմակերպիչներէն Ֆիոտոր Պրիւքով։ Ան նաեւ ըսաւ, որ բանակցութիւններ կը վարուին յունական կողմին հետ, քանի որ յունական հանգստավայրերը աւելի հետաքրքրական ու լաւ են՝ բոլոր առումներով։
– Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, Պաքու գտնուող բնակարանային շէնքի մը մէջ ուժգին պայթում մը տեղի ունեցած է. իբրեւ հետեւանք՝ երեք հոգի մահացած է եւ վիրաւորած են երկու ուրիշներ: Պայթումին պատճառը ցարդ կարելի չէ եղած բացայայտել: