
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 15 Օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնն ու դեսպանութեան նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Ճեֆրի Սթիմսընը:
Շնորհաւորելով Ճեֆրի Սթիմսընը՝ ռազմական կցորդի պաշտօնին առիթով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յոյս յայտնած է, որ նորանշանակ ռազմական կցորդը իր ներդրումը կ՛ունենայ հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման գործունէութեան մէջ։
Ռազմական կցորդը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ բարձր գնահատած է հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ վստահեցուցած, որ համագործակցութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները շարունակական պիտի ըլլան: Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը եւ դեսպան Հեֆըրնը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն եւ երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութեան առնչուող երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: