ՊԸՐՊԵՆՔ.- Յուլիս 26ին, լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան Մարիա Արմուտեան, Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ ներկայացուց ընկերութեան ու աշխարհի ճակատագիրին վրայ մամուլի ունեցած ազդեցութեան նուիրուած իր հատորը՝ «Kill the Messenger, The Media՝s Role in the Fate of the World»ը:
Ձեռնարկը կը հովանաւորէին Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, «Սարդարապատ» գրախանութը եւ «KPFK 90.7 FM» ձայնասփիւռի կայանը:
Ներկայացումը արձանագրուեցաւ «C-SPAN» կայանին կողմէ եւ այդ կայանէն պիտի պատկերասփռուի մօտիկ ապագային:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն Կարէն Եղբայրեան ունկնդիրներուն ներկայացուց Արմուտեանը, որ խօսեցաւ մամուլի բացասական եւ դրական ազդեցութեան մասին ու պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
«Ձեռնարկը շատ լաւ առիթ մըն էր մեր համայնքին ներկայացնելու համար Մարիան եւ անոր հատորը», յայտնեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենադպիր ու համայնքային յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետուհի Անեթ Քարկոտորեան: