ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 1 Յուլիս 2012ի դրութեամբ ձերբակալուածներու եւ բանտերու մէջ պատիժ կրող դատապարտեալներուն թիւը 4688 է, ինչ որ 88ով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանէն: Այդ մասին յայտնած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ Արամ Թամազեան՝ դատախազութեան կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին:
2012ի առաջին կիսամեակին քրէակատարողական հիմնարկներէն դուրս եկած է 830 անձ, որուն 459ը պատիժը լրիւ կրած է, 125ը՝ պայմանական վաղաժամկէտ կարգով, 11ը՝ ներումով, 109ը՝ պատիժի փոփոխութեամբ, 121ը՝ դատարանի որոշումով, 1ը՝ հիւանդութեան պատճառով, 4ը՝ համաներումով: Տարբեր հիւանդութիւններէ մահացած է 17 դատապարտեալ (2011ի առաջին կիսամեակին 15), որուն 8ը «Դատապարտեալների հիւանդանոց»ին մէջ (2011ի նոյն ժամանակաշրջանին՝ 7ը):
1 Յուլիս 2012ի դրութեամբ բանտերուն մէջ կան 195 կիներ (2011ի առաջին կիսամեակին՝ 199), որոնց 23ը սպանութեան, 46ը խարդախութեան, 5ը կաւատութեան, 10ը գողութեան, 29ը թմրեցուցիչ վաճառելու, 8ը դիտաւորեալ կերպով առողջութեան ծանրօրէն վնասելու յանցանքներով: Բանտարկուածներուն մէջ կան 33 անչափահասներ (2011ին՝ 43), 2ը սպանութեան, 4ը դիտումնաւոր կերպով առողջութեան ծանր վնաս հասցնելու, 11ը աւազակութեան, 3ը կողոպուտի, 8ը գողութեան յանցանքով։
Ընդհանուր առմամբ 12 բանտերուն մէջ 2012ի առաջին կիսամեակին կատարուած է 35 յանցագործութիւն 41 անձերու կողմէ, որոնք դատապարտուած են բանտերուն գործունէութիւնը խոչընդոտելու, թմրեցուցիչներ վաճառելու, ֆիզիքական թեթեւ վնաս պատճառելու, խարդախութեան, կեղծ փաստաթուղթ ունենալու եւ սուտ մատնութիւն կատարելու յանցանքներով։ Կատարուած է անձնասպանութեան 1 փորձ, եւ անձնասպանութեան մղելու 3 դէպք արձանագրուած է:
Յանցագործութիւն կատարած անձերուն 34ը եղած են դատապարտեալներ, 2ը՝ քրէակատարողական հիմնարկներու աշխատակիցներ, 5ը՝ այլ անձեր:
Սպանութեան, դիտումնաւոր կերպով ֆիզիքական վնաս պատճառելու դէպքեր չեն արձանագրուած:
Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած յանցագործութիւններու 75 դէպքի դիմաց այս տարուան առաջին կիսամեակին արձանագրուած են յանցագործութիւններու 35 դէպքեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք նուազած են 40ով կամ 53.33 տոկոսով: Զգալիօրէն նուազած են նաեւ թմրեցուցիչներու եւ հոգեներգործօն միջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէպքերը:
Մասնաւորապէս նախորդ տարուան առաջին կիսամեակին արձանագրուած 65 դէպքի դիմաց, 2012ի առաջին կիսամեակին արձանագրուած է այդ բնոյթի 22 դէպք, այսինքն անոնք նուազած են 43ով կամ 67 տոկոսով: