Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8ի առաւօտեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ Միշըն Հիլզի մէջ գնտուող հայ տարեցներու «Արարատ տան» մէջ, մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներու՝ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը: Հոգեւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան:
Խաղողօրհնէք կատարուեցաւ նաեւ հիւանդանոցի բաժինին մէջ, ուր հոգեւոր պատգամը տուաւ Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան: Արարողութեան աւարտին հոգեւորականները ճաշեցին տարեցներուն եւ «Արարատ տան» պատասխանատուներուն հետ:
Նոյն օրը յետմիջօրէին, «Արարատ տան» այցելու հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի կողմէ եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, խաղողօրհնէք կատարուեցաւ նաեւ Իկըլ Ռաք գտնուող «Արարատ տան» մէջ, ուր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան: