
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսական «Կոլոս Ռոսսի» ձայնասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին ըսած է, թէ 2012-2013ին, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով յառաջընթաց կ՛ակնկալուի: «Ասիկա չափազանց բարդ ու խճճուած թեմա է, որ ունի իր արմատները, իր պատմութիւնը: Հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերը, ինչպէս նախկինին, այսօր եւս պէտք է կեդրոնացնել ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին վրայ», ըսած է Քարասին:
Ըստ անոր՝ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը, ԱՊՀ շրջանակէն ներս Ռուսիոյ մտերիմ գործընկերներն են. «Մենք կը գնահատենք ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները, եւ արդարացիօրէն կ՛ընենք հնարաւորը՝ ԼՂ հարցով կողմերու դիրքորոշումները մօտեցնելու համար», ըսած է Ռուսիոյ ԱԳ փոխնախարարը:
Քարասինի խօսքով՝ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները՝ Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան, կ՛աշխատին բարեխղճօրէն, կ՛այցելեն տարածաշրջանը, հանդիպումներ կ՛ունենան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ եւ կ՛օգնեն հետագայ փաստաթուղթերուն համար ընդունելի ձեւակերպումներ գտնելու մէջ: «Մենք ամէն կերպ կ՛աջակցինք այդ գործունէութեան, եւ յոյսով ենք, որ այդ մէկը շուտով կը յանգեցնէ յստակ արդիւնքի», ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը: