
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Արմէնփրէս».- 8 Օգոստոսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Փութին յայտնեց, որ ռուս-հայկական միջկառավարական յանձնաժողովը արդէն իսկ կազմուած է եւ իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այս տարուան աշնան:
«Աշնան նախատեսուած է ռուս եւ հայ գործընկերներու հանդիպում: Անոնց դիմաց կայ յստակ մարտահրաւէր մը՝ 2 երկիրներուն միջեւ մշակել տնտեսական բնագաւառին վերաբերող մինչեւ 2020 թուականի զարգացման ծրագիր ու պատրաստել «ճամբու քարտէս», ըսաւ Փութին։ Անոր համաձայն, ռուսական կողմէն յանձնաժողովը պիտի գլխաւորէ փոխադրամիջոցներու նախարար Մաքսիմ Սոկոլով:
Վլատիմիր Փութին նշեց, որ 2011ին երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 1 միլիառ տոլար, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին այդ թիւը աւելցած է 32 տոկոսով:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ դիտել տուաւ, թէ Ռուսիոյ մէջ աշխատող Հայաստանի քաղաքացիները իրենց ընտանիքներուն կ՛ուղարկեն տարեկան մօտ 1 միլիառ տոլար. գումար մը, որ կը կազմէ Հայաստանի համախառն ներքին արտադրութեան զգալի մասը:
Իր կարգին Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ 1 միլիառ տոլարը ապրանքաշրջանառութեան գագաթնակէտը չէ:
«Յառաջիկայ 2-3 տարիներին ապրանքաշրջանառութիւնը կարելի կը լինի կրկնապատկել կամ նոյնիսկ եռապատկել», ըսաւ Սերժ Սարգսեան: Ան նաեւ ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմաարհեստագիտական բնագաւառին մէջ յաջող համագործակցութիւնը: «Մենք երկարաձգեցինք Հայաստանում ռուսական ռազմապազայի տեղակայման ժամկէտը: Գտնում ենք, որ Հայաստանում ռուսական ռազմապազայի առկայութիւնը մեր անվտանգութեան շահերից է բխում», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Սերժ Սարգսեան աւելցուց, որ աշնան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ զինավարժութիւններ տեղի պիտի ունենան։
Հայաստանը եւ Ռուսիան նաեւ փոխհամաձայնութիւն գոյացուցած են Հայաստանին մատակարարուող ռուսական կազի գինին շուրջ: Այս մասին յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ նախագահ Փութինի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք։
«Այսօր մենք խօսեցինք կարեւոր թեմայի շուրջ՝ Հայաստանին մատակարարուող գազի գնի վերաբերեալ: Կարծում եմ՝ գտել ենք փոխհամաձայնութիւն դրա սահմանման սկզբունքների շուրջ: Այն պէտք է համապատասխանի կազի շուկայական գնին, լինի համեմատելի տարածաշրջանային սակագներին՝ պահպանելով Հայատանի տնտեսութեան արդիւնաւէտ զարգացումը», ըսած է նախագահը:
Ներկայիս Հայաստանին մատակարարուող կազի գինը 1000 խորանարդ մեթրի համար 180 տոլար է:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ անվտանգութեան խնդիրները՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգը, միջազգային եւ տարածաշրջանային այլ արդիական հարցեր, ԱՊՀ տարածքին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու հեռանկարները: