ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին դարձեալ ըրաւ յայտարարութիւն մը, որ բանավէճի նիւթ կրնայ դառնալ:
Արդարեւ, ան Թուրքիոյ մէջ կատարուած քրտական ահաբեկչութիւնները վերագրեց օտարահպատակներուն՝ միաժամանակ փորձելով «մաքուրի հանել» Թուրքիոյ մէջ ապրող իր «քիւրտ եղբայրներ»ը:
Շահին ըսաւ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ շարունակուող Թուրքիոյ բանակի գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուածներուն կէսը օտարահպատակ է եւ անոնց մէջ կան Իրանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Հայաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացիներ:
«Ներքին գործոց նախարարին այս բացատրութիւնը, որուն կապակցութեամբ փաստեր չեն ներկայացուած անշուշտ, եթէ ճիշդ ըլլայ, ապա պէտք է պատասխանել երկու հարցումներու. եթէ չորսէն երկուքը օտարահպատակ են, ապա միւս երկուքը թրքահպատակ չե՞ն», կը գրէ «Մարմարա», որ նաեւ հարց կու տայ, թէ այս օտարահպատակները ինչպէ՞ս Թուրքիա մուտք կը գործեն:
«Ըսել, թէ «իմ քիւրտ եղբայրներս որեւէ խնդիր չունին»՝ կը հակասէ Թուրքիոյ քրտական կազմակերպութիւններու ու կուսակցութիւններու կողմէ ամէն օր կատարուած յայտարարութիւններուն», կ՛եզրակացնէ «Մարմարա»: