
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ վերջերս հանդիպում ունեցած է երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ուղղած իր ելոյթին մէջ ան նշած է, թէ «Աստուծոյ կամքով, մենք եւս առնուազն 10 տարի իշխանութեան գլխուն պիտի ըլլանք»:
Դիմելով հաւաքուած փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ Առընչ ըսած է. «Թուրքիան խառնել փորձողներ, մեր բարեկամութեան վնաս հասցնել ուզողներ, համայնքներու միջեւ պառակտում մտցնողներ շատ կ՛ըլլան: Սակայն թէ՛ մենք, թէ՛ դուք պէտք է արթուն ըլլանք»:
Ան նշած է, որ անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն պատճառով, համայնքներու բազմաթիւ անդամներ լքած են Թուրքիան, սակայն իրենք կը ցանկանան, որ բոլորը վերադառնան:
Առընչ, դիմելով հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ անդրադարձած է նաեւ 1915ի իրադարձութիւններուն. «Շատ դժուար օրեր եղած են: Օսմանեան կայսրութեան անկումը, տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները՝ Տրապիզոնի, Մալաթիոյ մէջ… մինչեւ Սթամպուլի մէջ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը: Անոնք անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններ են, որոնց թիւը աստիճանաբար կը նուազի», ըսած է ան եւ յայտարարած, թէ ոմանք 1915ի իրադարձութիւնները կը փորձեն այլ կերպ ներկայացնել. «Բայց իրականութիւնը այն է, որ անիկա նաեւ մե՛ր ողբերգութիւնն է: Անոնց մէջ հայեր եւ թուրքեր կային», աւելցուցած է թուրք փոխվարչապետը: